Вход на сайт

Просмотр новости

Найдите то, что Вас интересует

ԻՍԿ Ո՞ՒՐ Է ՀԱՅ ԹԵՐԹԻ ՏԵՂԸ…

Дата публикации: 31-08-2026 09:27:00

Այս տարեդարձը նաեւ առիթ է՝ նայելու մեր շուրջը եւ հարցնելու, թէ այսօր ո՞ւր է ՀԱՅ ԹԵՐԹԻ տեղը համայնքի հաւաքական կեանքին մէջ։ Վերջին օրերուն ԷՐՎԱՊի ժողովի…

Основное содержимое страницы с новостью.

Այս տարեդարձը նաեւ առիթ է՝ նայելու մեր շուրջը եւ հարցնելու, թէ այսօր ո՞ւր է ՀԱՅ ԹԵՐԹԻ տեղը համայնքի հաւաքական կեանքին մէջ։

Վերջին օրերուն ԷՐՎԱՊի ժողովի ընթացքին շատ խօսուեցաւ մեր հաստատութիւններու ապագայի, համերաշխութեան, փոխադարձ օժանդակութեան, նիւթական միջոցներու արդար օգտագործման եւ համայնքային պատասխանատուութեան մասին։ Կարեւոր հարցեր էին ասոնք, որոնց մեր էջերուն մէջ եւս լայն տեղ տուինք եւ տակաւին պիտի շարունակենք անդրադառնալ։

Բայց այդ քննարկումները մեզ կը մղեն ուրիշ հարցում մըն ալ ուղղելու մեր համայնքին։

Այդ հաւաքական պատասխանատուութեան մէջ ո՞ւր է հայ մամուլը։

Եթէ մեր դպրոցները, եկեղեցիները, հիմնարկները, միութիւններն ու մշակութային հաստատութիւնները մեր համայնքային կեանքի սիւներն են, ապա ի՞նչ է այն մամուլը, որ տասնամեակներ շարունակ կ’արձանագրէ անոնց գործունէութիւնը, կը տարածէ անոնց ձայնը, կը հաղորդէ անոնց յաջողութիւնները եւ, հարկ եղած պարագային, ձայն կը բարձրացնէ անոնց խնդիրներու մասին։

Յառաջիկայ օրերուն, ԷՐՎԱՊ-ի վերջին ժողովին լոյսին տակ, մենք եւս հարցումներ պիտի ուղղենք մեր համայնքային հաստատութիւններուն։ Ո՛չ թէ մեղադրելու կամ հակադրութիւն ստեղծելու համար, այլ հասկնալու եւ ճշդելու թէ անոնք այսօր ի՞նչ տեղ կը վերապահեն հայ մամուլին իրենց հաւաքական գործունէութեան մէջ։ Հայ թերթը տակաւին կը նկատե՞ն համայնքային կեանքի անհրաժեշտ մէկ օղակը, թէ ժամանակի ընթացքին ան դարձած է միայն այն հասցէն, որ կը յիշուի երբ լուր մը, յայտարարութիւն մը կամ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելու կարիք կայ։

Եթէ կ’ընդունինք, որ համայնքային հաստատութիւնները պէտք է զօրակցին իրարու՝ մեր դպրոցները, եկեղեցիները եւ մշակութային կառոյցները կանգուն պահելու համար, ապա պէտք է նաեւ հարցնենք՝ այդ նոյն հաւաքական պատասխանատուութիւնը չի՞ տարածուիր այն հայ թերթին վրայ, որ օր առ օր կը պահպանէ բոլորին պատմութիւնը։

https://www.normarmara.com/310826lu.html

Схожие новости

#Наименование новостиТональностьИнформативностьДата публикации
1ԷՐՎԱՊի ժողովի լոյսին տակ – 509.7201-09-2026
2ԷՐՎԱՊ-ի ժողովի լոյսին տակ – 2019.0127-08-2026
3ՏԽՈՒՐ, ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ… Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ ԱՆՄԵՌ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ012.4104-08-2026
4ԷՐՎԱՊ-ի ժողովի լոյսին տակ – 4015.7931-08-2026
5ՊՈԼՍՈՅ ԱԹՈՌԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ09.3405-08-2026
6ԷՐՎԱՊ-Ի ԴՌՆԲԱՑ ԺՈՂՈՎԸ – ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋ016.0625-08-2026
7ԷՐՎԱՊ-ի ժողովի լոյսին տակ – 3012.5728-08-2026
8ԷՐՎԱՊ-ի ժողովի լոյսին տակ – 1011.126-08-2026
9ԱՏԻՍ ԱՊԱՊԱՅԻ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՅՈՅՍԻ ԵՒ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ԿՈԹՈՂ…07.7917-06-2026
10ԴԱՏԵԼ…08.5206-08-2026

Классификация: Международные. Схожих патентов: 0. Схожих новостей: 10. Тональность: 0. Информативность: 6.5. Источник: hyetert.org.